2015-01-03 10:12:20

Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական ուղերձը` Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով։


ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս-Լիբանան
Յարգարժան անդամներ Բիւրոյի,
Խոր ցաւով իմացանք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երկար տարիներու պատգամաւոր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան գոյժը:
Մենք մօտէն ճանչցած ենք հանգուցեալը, եւ իր մօտ տեսած լուրջ մտաւորականը, պատասխանատու հասարակական գործիչը եւ գերազանցօրէն հայրենասէր մարդը: Իր անձին այս երեք յատկանշական գիծերը մնայուն ներկայութիւն դարձան իր ամբողջ կեանքին ու գործունէութեան ընթացքին: Հետեւաբար, իր մահը մեծ կորուստ մըն է ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար:
Ձեզի կը յայտնենք Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները: Կ՛աղօթենք, որ Ամենաբարին Աստուած Վահան Յովհաննիսեանի հոգին ընդունի երկնային երանական խաղաղութեան մէջ եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցով` մխիթարէ իր ընտանեկան պարագաները, եւ մեծ ընտանիքին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամները:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս, 30 դեկտեմբեր 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.